Ձեւերու Աշխարհ

Choose your mobile platform to download the app

button_01button_03

button_01button_03

Պատկերներ

Խաղի մասին

«Լալան ու Արան» խաղերու շարքին առաջինը՝ «Գոյներու Աշխարհ»ը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մանուկներու մօտ։ Քաջալերուած այդ խաղին գտած ընդունելութենէն, շարքի ստեղծագործական խմբակը այժմ հրապարակած է շարքին երկրորդ խաղը՝ «Ձեւերու Աշխարհ»ը։

«Գոյներու Աշխարհ»ին նման, այս խաղը եւս ունի երկու գլխաւոր կերպարներ՝ Լալան ու Արան, որոնք կ՚ընկերակցին փոքրիկներուն՝ երեք տարեկանէն սկսեալ, խաղի զանազան հանգրուաններուն մէջ ցուցմունքներ տալու համար։

Ընտրելով ութ հիմնական ձեւերէն մէկը, մանուկը իւրաքանչիւր ձեւի աշխարհին մէջ կրնայ խաղալ 4 խաղեր։ Երեխան այս խաղերուն ընդմէջէն կը ծանօթանայ հիմնական ձեւերուն։ Խաղը կը նպաստէ ձեւերը զանազանելու եւ դիտելու կարողութեան զարգացման, գեղագիտական ճաշակի ձեւաւորման, տեսողական կեդրոնացումի սրումին, ուշադրութեան ծիրի ընդարձակման, եւ վերջապէս, երկրաչափական ձեւերու ճանաչման եւ երկրաչափական բառամթերքի հարստացման։

­Սիրելի երկու կերպարներ՝ Լալան ու Արան, կ՛ընկերակցին մանուկին խաղի զանազան հանգրուաններու ընթացքին։

  • ­Երկրաչափական 8 պատկերներ, որոնցմէ կարելի է ընտրել ուզուածը։
  • Իւրաքանչիւր ձեւին համար հետաքրքրական եւ պատկերաւոր ներկայացում։
  • Շուրջ 20 զանազան խաղեր, տարբեր մակարդակներու (Դիւրին, միջակ, դժուար)։
  • Հրապուրիչ հայերէն ձայնագրութիւն եւ զանազան ձայներ։
  • Լալայի ու Արայի իւրաքանչիւր խաղ կը զարգացնէ փոքրիկին յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը, կեդրոնացումը եւ լեզուական կարողութիւնները։
  • Խաղը կը զարգացնէ նաեւ ստեղծագործական կարողութիւնը, երեւակայութիւնը եւ զանազան կարողութիւնները։
  • Տրամադրելի է արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներով։
adminxՁեւերու Աշխարհ