Խաղի մասին
Խաղը ունի գլխաւոր երկու կերպարներ՝ Լալան ու Արան, որոնք ցուցմունքներ պիտի տան մանուկներուն, անոնց ընկերակցելով խաղի զանազան բաժիններուն մէջ։
Այս խաղին միջոցով, երեխան պիտի սորվի թուանշանները։
Նախատեսուած տարիքն է 3-5 տարեկան։
Այս խաղին միջոցով, երեխան պիտի կարենայ`
• Ճանչնալ 1-էն 10 թիւերը
• Ըմբռնել թիւերու յաջորդականութիւնը
• Գրել թիւերը
• Հաշուել
• Համրել եւ նշել քանակը
• Բաղդատել թիւերը
Այս ծրագրին ծախսերը հոգացած են
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը եւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը։