Գոյներու Աշխարհ

Choose your mobile platform to download the app for FREE!

button_01button_03

Պատկերներ

Խաղի մասին

Մեր ապրած իրականութեան մէջ, հաղորդակցութեան արդիական գործիքները մանուկներուն եւ երիտասարդներուն հասանելի դառնալու լաւագոյն եւ ամենէն ազդու միջոցներէն են։ Առ այդ, մանուկներու դատիարակութեամբ զբաղող մասնագէտներ եւ հաստատութիւններ կ’որոնեն զանազան միջոցներ, որպէսզի փոքրերը հետաքրքրական եւ օգտակար ձեւով կարենան գործածել այդ գործիքները, անոնցմէ դասեր քաղեն եւ զանոնք ծառայեցնեն իրենց համար պիտանի գիտելիքներու ամբարման։

Համազգայինը նախաձեռնած է հայերէնով մանկական դաստիարակչական խաղերու ստեղծմանը՝ iOS եւ Android գործիքներու վրայ, app­երու ձեւաւորումով։ Լալան ու Արան ­ Գոյներու Աշխարհը  այն հազուագիւտ խաղերէն է, որ պիտի մղէ մանուկները վերանորոգելու իրենց հետաքրքրութիւնը հայերէն լեզուի նկատմամբ։

Համազգայինի դաստիարակչական այս խաղը կը միտի հայերէն լեզուով սորվեցնել գոյները՝ 3 տարեկան եւ վեր երեխաներուն։ Խաղը ունի գլխաւոր երկու կերպարներ՝ Լալան ու Արան, որոնք ընկերակցելով խաղի մէկ մակարդակէն միւսը, ցուցմունքներ պիտի տան 3 տարեկան եւ վեր երեխաներուն: Ընտրելով տասը գոյներէն մէկը, երեխան առիթը պիտի ունենայ խաղալու 4 խաղ՝ իւրաքանչիւր գոյնին համապատասխանող։ Այս խաղերը կը զարգացնեն երեխային յիշողութիւնը, կեդրոնացումը, լեզուն, տրամաբանութիւնն ու բազմակողմանի մտածելակերպը եւ թափ կու տան անոր ստեղծագործական կարողութեան ու երեւակայութեան։

Այս ծրագիրը ստեղծելու եւ զարգացնելու համար անհրաժեշտ էր 15.000 ամ. տոլար, որպէսզի անիկա հասանելի դառնար աշխարհի բոլոր հայ մանուկներուն։ Այդ մէկը իրականացուցինք ժողովրդային առցանց դրամահաւաքով, շնորհիւ գործին կարեւորութեան հաւատացող ազգայիններուն։ Շնորհակալ ենք։ Ներկայիս խաղը տրամադրելի է անվճար։
Նուիրատուներու ցանկ

Շնորհակալ ենք, որ պատրաստ էք օժանդակելու այս օգտաշատ ծրագրին։ Ձեր օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ հայ մանուկին աշխարհը եւ մտածողութիւնը զարգացնել հայերէնով՝ այդպիսով նաեւ ապահովելով հայ լեզուի ապագայ կենդանութիւնը:

adminxԳոյներու Աշխարհ